
Միտք եւ արուեստ, 1976-1987. գրական ու վերլուծական էջեր:-
Եր.: Սարգիս Խաչենց, Փրինթինֆո, Անտարես, 2018-681 էջ:
Այս հատորով ընթերցողին կը ներկայացուի առաջին ծաղկաքաղ մը «Յառաջ» օրաթերթի (Փարիզ, 1925-2009) «Միտք եւ արուեստ»ի
նիւթերէն: Թերթի այս ամսական Յաւելուածի համարները, 1976էն սկսեալ, կը շօշափեն մշակոյթի
զանազան կալուածներ, մասնաւորաբար հայ ու օտար գրականութիւնը, տեսական ու քննադատական
հարցերը, ինչպէս նաեւ գեղեցիկ արուեստներն ու երաժշտութիւնը: Այստեղ տրուած են 1976-1987
շրջանին տպուած միայն գրականութեանն ու ժամանակակից
գրական խնդիրներուն վերաբերող նիւթեր, որոնք իրենց առաջին հրատարակութենէն ասդին երբեք
լոյս տեսած չեն երկրորդ անգամ: Վերատպութիւնը միայն Սփիւռքի գրականութեան ու մտքի մէկ
անցեալ փուլը չէ որ կը փորձէ փրկել մոռացումէն, որքան զայն առնչել ներկային: Ստորագրուած
սփիւռքահայ ծանօթ ու քիչ ծանօթ գրողներու կողմէ այս էջերը տակաւին չեն կորսնցուցած
իրենց այժմէականութիւնը:
Միտք եւ արուեստ, 1976-1987. գրական ու վերլուծական էջեր
Reviewed by ՏԱՐԸՆԹԵՐՑՈՒՄ
on
ноября 09, 2018
Rating:
