Եղիա Տեմիրճիպաշյան | Անգեղն երգ


Սեւ մեծ թռչուն մը, սեւ ամպի նըման,
Մեծ սեւահեր գլխոյս վերեւ միշտ գայ ման:
Է՞ պահապանն իմ նա հրեշտակ. այլ սե՛ւ է.
Զերդ սեա՛ւ գիշեր, զերդ սեա՛ւ գեհեն, նա սե՛ւ է:

Սոսկատեսիլ սեւ թռչուն մ’է լայնաթեւ,
Կըտուցն երկայն. եւ չարաշուք որպէս դեւ.
Մարմնոյս վըրայ, մարմնոյս շուրջն յար թեւածէ.
Հիւծեալն իմ անձ – ասեմ – արդեօք մեռա՞ծ է:

Ճերմակ կէ՛տ մ’իսկ յիւր թեւս յաւէտ չերեւիր.
Ինքն իսկ է մութն, հոսէ փետրոցն արհաւիր.
Մագիլն է սե՛ւ, սո՛ւր,– անփայլակ ժա՛նտ դաշոյն.
Եւ՝թուի իմըն՝ կաղկանձէ զերդ անսուա՜ղ շուն:

Լայնատարած թեւօքն իմ լոյսն հատանէ.
Երկինքն է մռայլ, երկիրն արձակ զընտա՜ն է.
Համայնք յըստուերս. ըստուերք յայերս, յալիս, յանդս,
Ծածկէ յինէն ըզձիւնն իսկ հաւն եւ ըզշանթս:

Ոչ տեսանեմ զիմ դէմս. տըժգո՞յն եմ յաւէտ.
Կուսին ի դէմս ոչ ակնարկեմ լուսաւէտ.
Սեւ են աստղունք, սեւ է լըճակ, սեւ՝ շուշան...
Ի՞նչ ձայն է...– Սե՛ւ կաղկանձէ հաւն հանգոյն շան:

Եւ ինձ թըւի թէ կամ առ եզրն անդունդի՜ն,
Եւ թէ դըժխեմ հաւն հոտոտէ զցուրտն իմ դին.
Ինձ, ա՜հ, թուի թէ՝ սեւ թըռչնոյն հետ վիճին պայք.
«Ի բա՜ց» գոչեալ. մարմնոյդ՝ մեր ծոցն է հուսկ կայք:

Այլ է հըզօր, անագորոյն, անողոք,
Սեւ մեծ թըռչունն. ի զո՜ւր աղերսք կամ բողոք.
Իր թեւոց տակ մահահամբոյր, սեաւ, անհո՜ւն,
Կամ. տասն ամ է՝ հընչեց ժամն յամր իմ մահուն...:

Պայծառ գիշեր մ’էր... Մօտայի ժայռին վրայ,
Տասն ամ յառաջ, յանլո՜ւր մարտի, վա՜հ, կորա՜յ:
Յիս էր ոսոխս. նա կոչուէր Նիւթ, այլ խօսէր.
Աղաղակէր. «Ունա՜յն են կեանք, փառք եւ սէր»:

Դեռահասակ ու սիրավառ, յուսալիր,
Ոգորեցայ թըշնամւոյն դէմ. «Օ՛ն, ելիր,
Հոգիդ իմ. դեւն հալածէ՛, յաղթանակէ՛.
Ձայնեցի: Զո՜ւր: Իմացայ թէ դատարկ է...:

Եւ Նիւթն յայնժամ զարեւս եւ զալս ետ ընդ ետ
Ցոյց ինձ տըւեալ, աղաղակե՛ց. «Ե՛ս եմ պետ.
Տիեզերաց ե՛ս յաւիտեան իշխեմ միայն».
Եւ ի խորոց ալեաց լըւայ քաղցրի՜կ ձայն...:

Նիւթ, Նիրվանա, կորուսին զիս այն գիշեր.
Նընջէ՜ր Աստուած, եւ էր հոգեակս ալ մաշե՜ր.
Լուսնին վրայ սեւ տեսայ μիծ փոքր, անսովո՜ր,
Որ մեծացաւ, ինձ մօտեցաւ, ահաւո՜ր:

Մեռած էի՜: Գիշակեր անգղն էր այն բիծ,
Որ երկնայած այն դիակէն՝ լուսնէն՝ ինձ
Եկաւ, գըգուեալ ու հոտոտեալ ու լիզեալ
Ըզծոցն իմ մերկ, ուր կա՜յր Յիսուս խաչելեալ...:

Եղերական այն սեաւ հաւուն թեւոց տակ
Շըրջիմ յերկրի. Նա՜ պահապանն իմ հրեշտակ.
Ո՛չ եւս կուրծքիս վրայ խաչ, կուրծքիս ալ ետեւ
Չի՜ք սուրμ հաւատք: Ես դիակ մ’եմ մըշտատեւ:

Լուսնին նըման,– հայի՛մ, հիւծի՛մ թէ մեծնա՛մ,–
Միշտ դիակ մ’եմ. ընդ սեա՜ւ թեւօքն յար գընամ.
Անգեղ միս տամ, թէեւ մանկանց ալ դասեր.
Եւ սարսռի՜մ միշտ, յորժամ լըսեմ ըզձայն «Սէ՜ր»:

Զիս սեւ թըռչունն այն գիշատէ կենդանւոյն:
Փըրկեցէ՛ք զիս. չե՜մ դիմանար այս ցաւոյն:
Ա՛հ, չեմ մեռեալ լիովին, զի... սիրե՜մ դեռ.
Չեմ ես դիակ. Ո՞չ. զի... կոչեն բնաւք զիս Նե՜ռ:

Ա՛հ, սեւ թըռչուն. տասնեակ ամ է. ալ չէ՞ բաւ.
Մարմինս, աւա՛ղ, լափուելով յար՝ չը հատա՞ւ:
Ա՜հ, սեւ թըռչուն. ա՜հ, սեւ երկին, սե՜ւ երկիր,
Ալ բա՜ւ է: Ժամ է որ լինիմ ափ մը կի՜ր...:

Եղիա Տեմիրճիպաշյան | Անգեղն երգ Եղիա Տեմիրճիպաշյան | Անգեղն երգ Reviewed by ՏԱՐԸՆԹԵՐՑՈՒՄ on февраля 17, 2016 Rating: 5
Технологии Blogger.