Վահան Թեքեյան | Գիրքեր | համառոտ


Գիրքերու մէջ կան ի՜նչ վեհ զգացումներ, խորհուրդներ…
Ինչ որ ունի լաւագոյն՝
Մարդը խլեր է իրմէ, ծալեր, ի պահ է դրեր
Կողքերու տակ գոյնզգոյն:

Եւ հպարտ է անոնցով… Օր մը երբ որ Հրատէն
Այցելուներ գան երկիր՝
Իր գիրքերուն մէջ պէտք է մարդը գտնեն ու դատեն,
Մարդը՝ վսե՜մ գրագիր…

Աստուածը ինքն է գտած, գտած՝ գիրքի մեջ գամած,
Երբ անոր պէտք ունենայ
Ընդդեմ մէկուն կամ միւսին,- իր բանտերէն մթամած
Կերթայ հանել զԱնիկա…:

«Մի՛ սպաններ – ինքը ըսած է Աստուծոյ որ ըսէ –
Քանզի ամէնքդ էք եղբայր…»
Եվ զինուորին ինք կանգնած է մարմարէ, պղինձէ
Յուշարձաններ անհամար…:

Բայց գիրքն ուրիշ, կեանքն ուրիշ, գիրքը տղոց, ծերերուն,
Խենթերո՜ւն պէտք է միայն,
Տկարներո՛ւն՝ վերջապէս. Մարդը ուժեղ ու բեղուն
Չի՛ գրեր, չի՛ կարդար զայն:

Զօրաւոր մարդը կապրի՜ մոռցած գիրքերը բոլոր
Եւ գիրքերուն հակառակ
Կը ստեղծէ նոր ճամփաներ՝ հոգ չէ թէ ծուռ ու մոլոր…
Միայն Աստուած է շիտակ…

Արդարութի՛ւն, բարութիւն, մարդը ձեզ լաւ կը ճանչնայ՝
Ինչպէս աստղերն երկընքին.
Ձեզ կը ճանչնայ հեռուէ՜ն, կը հիանայ ձեր վրայ,
Ձեզ կը քննէ վերստին:

Եւ ձեր շքեղ պատկերին կը յաւելու միշտ նոր գիծ,
Միշտ նոր գոյն մը հմայիչ…
Տկարին ձեռք կու տան հոն՝ մինչ կեանքի մէջ կու տան կից.
Կեանքը տարբե՜ր է… մի քիչ:

Գիրքե՛ր՝ ամօթը մարդուն, կուզն ու վէրքերը անոր
Ծածկող շքեղ քղամի՛դ,
Բզկըտեի ես զքեզ ու երեւնար մարդոյ նոր,
Մարդը հին եւ ճշմարիտ…

Գիրքե՛ր, մեռած սրբութեանց, գեղեցկությանց դամբարան,
Ձեր շեղջակոյտը մթին
Օդն հանէի՝ որ թերեւս հոգիին մէջ մարդկութեան
Ծագէր շող մը վերստին…

Գիրքե՛ր, միակ սփոփանքն, հացն ու հաճոյք իմ սրտիս,
Փչացընել ձեզ կուզեմ,
Որպեսզի ա՛լ չխաբէք ու չխաբեմ ես ալ զիս,
Չիյնա՜մ միշտ ձեր սուտին դէմ…

Գիրքե՛ր, գիրքե՛ր կեղծպարիշտ, ես կուզէի միմիակ
Մեծ գրատան մը մէջ ձեզ
Ամբողջովին հաւաքել, ձեռքովըս տալ ձեզ կրակ,
Եւ ձեր փոշին հրակէզ
Ցրուե՜լ չորս ծագն աշխարհի, տա՜լ երկնքին անյատակ…

Տես նաև Եղիա Տեմիրճիպաշյան Անգեղն երգ, Մատթեոս Զարիֆյան Կարեկցութիւն և Ղևոնդ Ալիշան Հրազդան

Վահան Թեքեյան | Գիրքեր | համառոտ Վահան Թեքեյան | Գիրքեր | համառոտ Reviewed by ՏԱՐԸՆԹԵՐՑՈՒՄ on февраля 19, 2016 Rating: 5
Технологии Blogger.